ARCL A. Boulghourdjian Socio-medical Center

ARCL A. Boulghourdjian Socio-medical Center “A. Boulghourdjian” Socio-Medical Center (ABSMC) is a primary healthcare center located in Bourj Hammoud area in Lebanon and was established in 1987.

The center operates within the network of primary healthcare centers of the Lebanese

02/05/2026
Մայիս 1Բանուորներու օրՁեր տօնը Շնորհաւոր
01/05/2026

Մայիս 1
Բանուորներու օր
Ձեր տօնը Շնորհաւոր

17/04/2026

Լիբանանի պատերազմի օրերուն կեդրոնի տարած գործունէութեան մասին յատուկ հարցազրոյց տնօրէնուհի՝ Նազելի Խաչերեան-Աւագեանի հետ։

We are pleased to participate in the AMAL Initiative, implemented by SIDC Lebanon. It consisted of four sessions aimed a...
16/04/2026

We are pleased to participate in the AMAL Initiative, implemented by SIDC Lebanon. It consisted of four sessions aimed at strengthening the capacity of professionals who interact with young mothers, and enhancing supportive and informed approaches to their reproductive and social well-being.👍🫶

Last week staff members came together for a session of games designed to strengthen team spirit and relieve stress 🎯🤝The...
10/04/2026

Last week staff members came together for a session of games designed to strengthen team spirit and relieve stress 🎯🤝
The activities were enjoyable and helped lift everyone’s mood 😊✨, fostering a positive and collaborative atmosphere 🌿💬

08/04/2026

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2026-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի, Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Ճինիշեան հիմնարկի տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի եւ Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:

Այս հանդիպումը շարունակութիւնը հանդիսացաւ այն այցելութիւններուն, զորս Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները տուած էին յիշեալ կարգ մը հաստատութիւններուն՝ քննարկելու համար տարուած աշխատանքները, ստեղծուած վիճակի պատճառով ակնկալուած մարտահրաւէրները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները:

Ժողովը շարունակեց քննարկումը վերոյիշեալ հարցերուն ու շարք մը գործնական առաջարկներու: Ի տես վատթարացած պայմաններու բերմամբ լիբանանահայութեան տարատեսակ կարիքներուն բազմապատկուելուն, շեշտը դրուեցաւ աշխատանքի համադրումով եւ բաժանումով եղած միջոցներու առաւելագոյն արդիւնաւորումը ապահովելու կարեւորութեան վրայ եւ որոշուեցաւ այս նպատակին համար ստեղծել համադրումի մեքանիզմ ու շարունակել նման հանդիպումները աւելի ընդլայնուած ձեւաչափով:

Մեր ձեւով , աւանդական ոճով։Բարի Զատիկ բոլորիդ։Խաղաղութիւն մեր սիրելի Լիբանանին։
04/04/2026

Մեր ձեւով , աւանդական ոճով։
Բարի Զատիկ բոլորիդ։
Խաղաղութիւն մեր սիրելի Լիբանանին։

📢Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ կեդրոնի բժշկական անձնակազմին միացաւ ատամնաբոյժ տոքթ․ Ռիթա Աթարեան։ 📌Ժամադրութեանց համար կը...
01/04/2026

📢Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ կեդրոնի բժշկական անձնակազմին միացաւ ատամնաբոյժ տոքթ․ Ռիթա Աթարեան։
📌Ժամադրութեանց համար կը խնդրուի անձամբ ներկայանալ կեդրոն կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն 01/253793-4-5

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ մայրական հոգատարութիւն սփռել հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ եւ եզակ...
01/04/2026

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ մայրական հոգատարութիւն սփռել հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ եւ եզակի նախաձեռնութեամբ կը ստանձնէ կեդրոնի շողանկարումի սարքին Carestream (CR Classic) գնման ծախսերը։
Խորին շնորհակալութիւն ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը $440,500 կը յատկացնէ հայրենի եւ սփիւռքեան հաստատութիւններու եւ ծրագիրներու
---

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Ուաթըրթաունի իր նստավայրին մէջ գումարեց իր լիագումարը, հինգշաբթի մարտ 19, 2026-էն մինչեւ կիրակի մարտ 22, 2026։

Լիագումարին օրակարգը գերյագեցած էր Միութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան առնչուած տարբեր նիւթերով, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ միաձայնութեամբ կայացուց որոշում, որուն հիմամբ տարբեր հաստատութիւններու եւ ծրագրերու կատարուեցան նիւթական յատկացումներ, այն խոր համոզումով, որ Սփիւռքի տարածքին գործող մեր կառոյցները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր բնոյթի միութենական թէ անհատական օգտաշատ ծրագրերը, իրենց կարեւոր ներդրումը ունին հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ։

Առ այդ կը յայտարարենք,որ նիւթական օժանդակութիւններ յատկացուեցան՝ Պոսթընի ՀԵԴ «Հայաստան» ճամբարին, Լոս Անճելըսի ՀԵԴ ճամբարին, Ֆրանսայի Կապոյտ Խաչի «Պէլ Ֆոնթէն» ճամբարին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» մանկապարտէզին, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, ՀՕՄ-ի Արժանթինի եւ Պրազիլի տարէցներու տուներուն, Լիբանանի Պուրճ Համուտ քաղաքին եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող՝ Ազգային Միացեալ Վարժարանին եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Քոլէճին, ՍՕԽաչի եւ ԼՕԽ-ի «Տաք Ճաշ» ծրագրերուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի շողանկարումի սարքին Carestream-CR classic գործիքին գնման, արցախահայ հաշմանդամ երեխաներու հոգատարութեան եւ նշանաւոր դիւանագէտ եւ գործիչ Տիանա Աբգարի մասին վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան ծրագրին։

Այս յոյժ կենսական յատկացումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ $440,500 ամերիկեան տոլար։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ ազգային, երիտասարդական, կրթական, բարեսիրական թէ այլ կառոյցները եւ հիմնարկները իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունին մեր ժողովուրդին բարօրութեան եւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ։

Վերոյիշեալ յատկացումները գործնական թարգմանութիւնն են այս համոզման։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

30/03/2026

Աւստրալիոյ հայկական ռատիոժամը անդրադարձաւ Լիբանանի մերօրեայ տագնապին եւ լիբանանցի գաղթականներուն մատուցուած ծառայութիւններուն։
Հետեւեալ յղումով դուք կրնաք ունկնդրել կեդրոն տնօրէնուհի` Նազելի Աւագեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը։

Address

Armenian Red Cross Street
Burj Hammud

Opening Hours

Monday 08:00 - 16:00
Tuesday 08:00 - 16:00
Wednesday 08:00 - 16:00
Thursday 08:00 - 16:00
Friday 08:00 - 16:00
Saturday 08:00 - 13:00

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ARCL A. Boulghourdjian Socio-medical Center posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Practice

Send a message to ARCL A. Boulghourdjian Socio-medical Center:

Share

Category