Karagheusian Association-Lebanon

Karagheusian Association-Lebanon And support their physical, moral, and social development in their environment.

The primary goal of the Association is to provide services for the complete well-being of the child and nurture the total development in their families and surroundings.

Այսօր՝ հինգշաբթի 7 մայիսին, «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»ի երկրորդ խումբի տիկինները ունեցան մայիս ամսուան իրենց առաջին հանդի...
07/05/2026

Այսօր՝ հինգշաբթի 7 մայիսին, «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»ի երկրորդ խումբի տիկինները ունեցան մայիս ամսուան իրենց առաջին հանդիպումը։

Առաջին նիւթը ներկայացուցին Balamand համալսարանի աւարտած սննդագիտուհիները՝ խօսելով հաւասարակշռուած սննդակարգի կարեւորութեան մասին, մանաւանդ շաքարախտի եւ սրտային հիւանդութիւններու կանխարգիլման նպատակով։

Ապա, երկրորդ նիւթը փոխանցեց ծրագիրի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանը՝ տիկիններուն հետ զրուցելով անանձնական սիրոյ կարեւորութեան եւ մարդասիրական վերաբերմունքի մասին։

Այսօր՝ երեքշաբթի, 5 Մայիսին, Université Saint-Joseph de Beyrouth-ի հիւանդապահութեան բաժնի աւարտական կարգի ուսանողները, ի...
05/05/2026

Այսօր՝ երեքշաբթի, 5 Մայիսին, Université Saint-Joseph de Beyrouth-ի հիւանդապահութեան բաժնի աւարտական կարգի ուսանողները, իրենց պատասխանատու դասախօսին հետ, գործակցաբար հաստատութեան «Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիր»ի գրասենեակին, կազմակերպեցին հետաքրքիր եւ զարգացնող ծրագիր մեր տիկիններուն համար։ Անոնք պատրաստած էին մրցումներ, խաղեր եւ մարզական վարժութիւններ, որոնց միջոցով ամրապնդեցին տիկիններուն գիտութիւնը սրտային հարցերու մասին՝ անոնց լուծումներուն եւ կանխարգելման ուղիներուն շուրջ։

Մեր տիկինները մեծ ուրախութեամբ մասնակցեցան եւ հաճոյքով ներգրաւուեցան բոլոր գործողութիւններուն մէջ։ Այսպիսի նախաձեռնութիւնները կը շարունակեն ուժ եւ յոյս ներշնչել մեր համայնքին։

Յայտագրի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, շեշտելով որ Գարակէօզեան հաստատութիւնը միշտ տիկիններուն կողքին է։

Գարակէօզեան Հաստատութեան Դպրոցական Առողջապահութեան բաժնի բժշկական կազմը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագ...
30/04/2026

Գարակէօզեան Հաստատութեան Դպրոցական Առողջապահութեան բաժնի բժշկական կազմը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարան, ուր իրականացուց ընդհանուր մարմնի, աչքի եւ ատամներու քննութիւններ՝ նպատակ ունենալով ապահովել աշակերտներու առողջութեան պահպանումը եւ վաղաժամ հսկողութիւնը։

Այս աշխատանքներուն զուգահեռ, հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան հանդիպում ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Արամ Քարատաղլեանի հետ, ուր քննարկուեցաւ, թէ ինչպէս կարելի է շարունակաբար բարելաւել աշակերտներուն եւ ծնողներուն առողջական վիճակը՝ առաջնորդուելով այն համոզումով, որ կանխարգիլումը աւելի արդիւնաւէտ եւ աւելի մատչելի է, քան բուժումը։

A past we carry, a truth we honor, a voice that will never be silenced. #1915
24/04/2026

A past we carry, a truth we honor, a voice that will never be silenced.
#1915

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլին, Գարակէօզեան Հաստատութեան «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»ի երկրորդ խումբի տիկինները ունեցան Ապրիլ ամսուա...
23/04/2026

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլին, Գարակէօզեան Հաստատութեան «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»ի երկրորդ խումբի տիկինները ունեցան Ապրիլ ամսուան իրենց հերթական, հանդիպումը։

Հանդիպման առաջին նիւթը ներկայացուց Մարաշի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Ռաֆֆի Մսրլեան, որ խօսեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան մասին՝ անոր լոյսը կապելով մեր պատմութեան մութ, բայց սրբացած էջերուն հետ։

Երկրորդ նիւթը ներկայացուցին USJ համալսարանի physiotherapy բաժանմունքի աւարտական կարգի ուսանողները՝ խօսելով ծունկի ցաւերուն, անոնց հիմնական պատճառներուն եւ կանխարգիլման միջոցներուն մասին։ Անոնք պարզ ու օգտակար ձեւով փոխանցեցին գիտելիքներ, եւ մարզական ձեւեր, որոնք անմիջապէս կիրառելի են առօրեային մէջ։

Վերջին խօսքը փոխանցեց ծրագրի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեան, որ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Ան յիշեցուց, որ մենք, որպէս Յարուցեալ Փրկչի զաւակներ եւ յարութիւն առած ժողովուրդի ժառանգորդներ, երբեք պէտք չէ վհատինք։ Մենք կը շարունակենք յիշել մեր նահատակները՝ հաւատալով, որ արդարութիւնը, ուշ թէ կանուխ, պիտի յաղթանակէ, եւ մեր արդար դատը պիտի հասնի իր արժանի լուծումին։

Աւարտին, ներկայ տիկիններուն բաժնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած CD-ները։

Գարակէօզեան Հաստատութեան Դպրոցական Առողջապահութեան բաժնի բժշկական կազմը այցելեց Անթիլիասի «Նոթրը Տամ Տը Լուրտ» դպրոցը եւ...
23/04/2026

Գարակէօզեան Հաստատութեան Դպրոցական Առողջապահութեան բաժնի բժշկական կազմը այցելեց Անթիլիասի «Նոթրը Տամ Տը Լուրտ» դպրոցը եւ այնտեղ կատարեց ընդհանուր մարմնի, աչքի եւ ատամներու քննութիւններ։

Քննութիւններու ընթացքին, դասարան առ դասարան, աշակերտներուն ներկայացուցին ակռաներու խնամքի կարեւորութիւնը եւ բացատրեցին, թէ ինչպէս ճիշդ կերպով վրձինել ատամները։

Երեքշաբթի, 21 Ապրիլին «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»-ի առաջին խումբի տիկինները ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը։Նկատի ունենա...
22/04/2026

Երեքշաբթի, 21 Ապրիլին «Կանանց Հզօրացման Ծրագիր»-ի առաջին խումբի տիկինները ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը։
Նկատի ունենալով մեր շուրջը տիրող պատերազմական լարուած իրավիճակը, այսպիսի օրերուն նման հանդիպումները կը դառնան ոչ միայն գիտելիքի ու հոգեւոր սնուցման աղբիւր, այլ նաեւ՝ փոխադարձ զօրակցութեան, յոյսի եւ միասնականութեան կենդանի վկայութիւն։

Հանդիպման առաջին նիւթը ներկայացուց Ալին Թահազեանը՝ խօսելով տալու կարեւորութեան մասին, նոյնիսկ մեր ունեցածին սակաւութենէն։ Ան շեշտեց, որ նիւթական տալը արժէք կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ կը բխի սրտէն եւ կը կատարուի ուրախութեամբ. այլապէս կը կորսնցնէ իր իրական իմաստը։ Անոր խօսքերը առանձնայատուկ հնչեղութիւն ստացան ներկայ պայմաններուն մէջ, ուր շատեր կարիքի մէջ են, եւ իւրաքանչիւր փոքր աջակցութիւն կրնայ մեծ լոյս բերել ուրիշի կեանքին մէջ։

Երկրորդ նիւթը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան հայրերէն՝ հայր Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանը, խօսելով Սուրբ Յարութեան խորհուրդին եւ անոր կենսական նշանակութեան մասին։ Ան յիշեցուց, որ որպէս քրիստոնեաներ՝ մեր աչքերը միշտ պէտք է յառած ըլլան կեանքին՝ Քրիստոսին, ինչպէս առաքեալը կ’ըսէ, եւ ոչ թէ խաւարին ու մահուան իրականութիւններուն, որոնք այսօր կարծես կը շրջապատեն մեզ։ Յարութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ կեանքը միշտ կը յաղթէ մահուան, եւ լոյսը՝ խաւարին։

Ապա ծրագրի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեան եզրակացուց հանդիպումը՝ շեշտելով, որ նման հաւաքները այս դժուար ժամանակներուն աւելի քան երբեք անհրաժեշտ են՝ զօրանալու, իրարու կողքին կանգնելու եւ հաւատքով դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրները։

Իր խօսքին մէջ Ժանին Դանիէլեան անդրադարձաւ նաեւ մեր ժողովուրդի պատմական փորձառութեան՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին, ընդգծելով, որ ինչպէս Քրիստոսի Յարութիւնը եկաւ խաչելութենէն եւ մահէն ետք, նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդը՝ անցնելով ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն, յարութիւն առաւ եւ շարունակեց իր կեանքը։ Այսօրուան պատերազմական ու անորոշ իրավիճակին մէջ ալ մենք կը գտնուինք կարծես նոր փորձութեան մը մէջ, սակայն Յարութեան հաւատքով կը շարունակենք վստահիլ, որ կեանքը պիտի յաղթէ, եւ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ ապրիլ ու արարել՝ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններուն։

17/04/2026

Behind every service we provide is a dedicated team giving their all.
This Staff Care Day, we took a moment to slow down, reconnect, and heal through art therapy.
Because those who care for others deserve care too.
Stronger. Together. Always.

On April 17, 2026, nutrition graduates from the University of Balamand conducted an educational session for mothers of c...
17/04/2026

On April 17, 2026, nutrition graduates from the University of Balamand conducted an educational session for mothers of children aged 0 to 12. The discussion focused on the vital role of balanced nutrition, proper portion sizes, and dietary diversity in supporting a child’s physical and mental development. To provide practical guidance, the students shared specific tips and preparation methods, offering examples of how to create nutrient-dense meals that ensure children receive the best possible start in life. University of Balamand - UOB

We are closed on Thursday 9/4/2026. Stay Safe 🙏
08/04/2026

We are closed on Thursday 9/4/2026.

Stay Safe 🙏

08/04/2026

During World War II, children receiving care at the Howard Karagheusian Clinic, where service meets training. Today, AUBMC residents, including those in Obstetrics and Gynecology (OB-GYN), continue to train at the Karagheusian Primary Healthcare Center in Bourj Hammoud, strengthening both clinical expertise and community care.

Address

Marash Street, Karagheusian Avenue, Karagheusian Building
Burj Hammud
1203

Opening Hours

Monday 08:00 - 16:00
Tuesday 08:00 - 16:00
Wednesday 08:00 - 16:00
Thursday 08:00 - 16:00
Friday 08:00 - 16:00

Website

https://www.karagheusianassociation.org/

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Karagheusian Association-Lebanon posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Practice

Send a message to Karagheusian Association-Lebanon:

Share