17/09/2024
Հողին կը յանձնէին անոր մարմինը։ Այդ օրը երբ հաւաքուած էին գաղութի տարբեր շրջանակներէն եկած անձնաւորութիւններ ու իրենց վերջին հրաժեշտը կու տային մեծութեան մը, որուն հետ ապրած, շփուած ու կախարդուած էին։ Ամբողջ սերունդ մը կը զգար ընդհանուր կորուստ մը։
Ոչ եւս էր հայր Անդրանիկ Կռանեանը։ Զմմառու վանքի դամբարաններու շուրջը հաւաքուածներուն մէջ կը գտնուէի նաեւ ես։ Պահ մը աղօթքներու ու լռութեան ընդմէջէն կ՚անջատուէի ու կը յիշէի հայր Անդրանիկի գրութիւններէն մին, թէ ինչպէս մայրը եւ ինք փորձեցին «խաբել» զԱստուած, այդ աղքատութեան տարիներուն, մանուկ հայր Անդրանիկը ղրկելով վանք, որպէսզի ծանր եւ դժուար տարիները անցընէին։ Բայց կոչումը պահեց զայն վանքի դարպասներէն ներս յաւիտեան։
Միտքով կը ճամբորդէի դէպի անցեալ՝ 1930-1940-ականններ, կը փորձէի պատկերացնել նոյն կանգնած վայրիս, դամբարաններուն, նոյնիսկ ծառերուն պատկերը միտքիս մէջ։ Այդ պատկերը լայնցնելով ընդգրկել վանքը եւ այդ օրերու վանական կեանքը։
Տեսայ փոքր երեխայ մը, որ կը վազէր ընկերներու հետ այդ տարածքին մէջ։ Այսպէս հայր Անդրանիկ մանուկ տարիքին ի՞նչ գիտէր, որ Աստուած զինք ի՞նչ գործերու պիտի նետէ։ Անմեղութիւն մը կար այնտեղ ու մնաց մինչեւ այն վայրկեանը, երբ մահկանացուն կնքած էր ան։
Յուզումնալից էր արարողութիւնը, լռութիւնը՝ համատարած ու կղերականներու ցաւակցութիւն ընդունելու պահուն կը համարձակէի Ղապրոյեան հոգեւոր տիրոջ ըսել.« Հայր Անդրանիկ Կռանեան գնաց եւ մեզ ձգեց մինակ»։
Պատրիարքին պատասխանը կարճ էր եւ ամփոփ. «Բոլորս պիտի երթանք օր մը»։
Թերեւս հոգեւոր Տիրոջ այս պատասխանը զիս չբաւարարեց այդ վայրկեանին, սակայն այդ ամբողջ ամփոփումն էր։ Բոլորս օր մը պիտի երթանք։
Ղապրոյեան հոգեւոր տէրը իր դամբանականին մէջ անդրադարձաւ շատ կարեւոր կէտի մը, երբ մեր սրտերուն մէջ պահուած հարցում մը ի յայտ բերաւ.« Ինչո՞ւ հայր Անդրանիկ եպիսկոպոս չեղաւ։ Ձեզմէ շատեր կը հարցնեն»։ Ու պատասխանեց անշուշտ այդ հարցումին։ Ես միայն կը յիշեմ ինչո՞ւ եպիսկոպոս չեղաւ ու կը մտածեմ, որ եթէ եպիսկոպոս ըլլար, ունէ՞ր արդեօք աւելցնելիք իր տարած գործունէութեան վրայ։
1980-83 թուականներուն ուրիշ մանուկ մը Մեսրոպեանի բակերը բաւական վազվզելէ եւ նստարանները մաշեցնելէ ետք, երբ սկսած էր Յիսուսի բարեկամներով, ապա ՀԿՄ-Պուրճ Համուտ յանձնախումբերէն մէկուն անդամակցելով, նամակ մը կը ստանար ԴՎՈՄ-էն (Դանիէլ Վարուժան Ուսանողական միութիւն) ու կը հրաւիրուէր Աշրաֆիէի ՀԿՄ-ի Արարատեան սրահը բազմաթիւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ:
Չեմ գիտեր պատճառը, թէ ինչո՞ւ սոյն երիտասարտը այդ տարիներուն ամէն տեղ էր՝ Համազգային Պուրճ Համուտի գրասէրներու շրջանակ, ՀԿՄ, վոլեպոլի խումբ, եւ այլն, իսկ հիմա՝ ԴՎՈՄ։
Այդ օրը ԴՎՈՄ-ի վարչականները եւ հոգեւոր վարիչը՝ հայր Անդրանիկ Կռանեան, փորձ մը կ՚ընէին ուսանողական միութեան սաղմը դնելու։ ԴՎՈՄ-ը նորերը ընդգրկեց իր զանազան յանձնախումբերուն մէջ՝ ընկերային, մշակութային եւ այլն:
Մի՛ նեղուիք, բայց տարիներ ետք, ոչ կ՚ուզեմ լսել միութիւն, ոչ ալ յանձնախումբ բառերը, որովհետեւ կատարած եմ ճիտիս պարտքը 200 տոկոսով։
Սակայն 80-ականներուն խանդավառութիւնս սահման չունէր, երբ առաւել եւս Աշրաֆիէի մթնոլորտը պարուրեց մեզ։ Այո՛, ռումբերը աւելի մօտիկ կ՚իյնային այնտեղ քան Պուրճ Համուտի մէջ, այո՛, հայութիւնը թերեւս դատարկուիլ սկսաւ ճիշդ Աշրաֆիէէն: Այո՛, զինեալներով լեցուն այդ թաղամասը նման չէր միջավայրիս՝ հայկական մթնոլորտով, հայ պահակներով եւ հայկական սովորութիւններով։ Բայց այստեղ կը ծանօթանայի վարդապետի մը, որ վարդապետ չէր միայն։ Երբ լսեցի առաջին անգամ անոր խօսքերը, խանդավառ, խրախուսող, յուսադրող եւ ապագայի տեսլականով, ան գրաւեց իմ, նաեւ շատերուն սիրտերը։
Եւ որովհետեւ իր խօսքերը բարի էին, հետեւեցանք ու դարձանք ԴՎՈՄ-ականներ։
Տարի մը չանցած ԴՎՈՄ այլ պատճառներով կը նոսրանար, վարչականները կը քաշուէին ու բեմը կը մնար մեզի։ Փորձ մըն էր, երբ ԴՎՈՄ-ը կը ղեկավարուէր ընդհանուր քարտուղարութեան, այլ ոչ դասական ատենապետի մը կողմէ եւ երիտասարդական տարուան առիթով հռչակաւոր մեր խօսքին տակ կը ստորագրէինք ՝ Ընդհանուր Քարտուղարութիւն։ Այնքան, որ մեր նախկին վարչականներէն Վռամ Գուրամաճեանը, որ ԴՎՈՄ-ի ներկայացուցիչն էր, կը հարցնէր ինծի.« Վարդապետը լուր ունի՞ ըրածէդ»։
Այս ալ ես էի. որոշումս կը գործադրէի անվարան։
Հայր Անդրանիկ այդ օրերուն իր ժողովրդապետութեան գրասենեակը չէր 15 օրէ աւելի։ Անտէր ԴՎՈՄ-ը առանց հոգեւոր վարիչի՞: Պասով մը կը հասնինք Ժունիէ, ապա օթոստոբով՝ Զմմառ։ Կը խնդրենք տեսնել մեր հոգեւոր վարիչը։ Ընդունարանի մը մէջ մեզի կը միանայ։ Զարմացած կը հարցնէ. «Տղաք դուք հոս ի՞նչ կ՚ընէք»։ Մեր ըսելիքները մանրուքներ էին իր այդ օրուան իրավիճակին հետ։ Մեր դիմացը կը գտնուէր հայր Անդրանիկ յեղափոխականը, որ նորէն գործածած էր իր գրիչը որպէս զէնք, որ մանկլաւիկի մը աչքը խրած էր։
Այդ օրերուն անհանդուրժելի էր տարբեր մտածել, տարբեր խօսիլ եւ տարբեր գրել։ «Յիսուս» յեղափոխականի քայլերը նոյնպէս զիս հալածեցին։ Հայր Անդրանիկ իր մեծաւորներուն հետ տակաւին չհամաձայնեցնելով հանդերձ կ՚ենթարկուէր որոշումներուն, բայց երբեք իր միտքերը չէր խեղաթիւրեր։ Տակաւին այդ պատիժը Զմմառ մնալու ոչ միայն պատիժ էր, այլ զինք պաշտպանելու մարմնական խոշտանգումներէ, որ պատահած է արդէն ։
Հետաքրքրական օրեր էին, որքան հետը գործակցեցայ, այնքան նոր բաներ սորվեցայ։ Ուսանողական տարիներս Հայաստան 10 տարի տեւեցին։ Երբ Լիբանան ժամանէի արձակուրդներու ժամական, պէտք է զայն տեսնէի, գործակցէի, ՀԿՄ պատանեկան, «Մասիս» թերթ, Հայաստանի լուրեր:
ՀԿՄ պատանեկանի հիմնադրութեան եւ առաջին տարիներու մեր աշխատանքները վարդապետին հետ, մեծապէս գնահատած է ան։ Իր առաջին պատանեկան գրքոյկին մէջ աւելցուցած է, որ ինք մինակը չէր սոյն միութիւնը հիմնելու ատեն, այլ իր հետ էին երիտասարդներ, նշելով անուններ, որոնցմէ մին հանգուցեալ էր:
Կը սիրէր մեզի վստահիլ գործի ատեն։ Նման չէր միւս հոգեւոր վարիչներուն, որոնք կը մանրամասնէին ինչ պէտք է ընել եւ չընել։ Առիթ կու տար նախաձեռնութիւններու եւ ասիկա կը կերտէր մեր հոգիները, երբ նոր միտքեր կ՚արտայայտէինք ու կը գործադրուէին, իսկ որոշ միտքեր՝ ոչ (մանաւանդ իմ միտքերուս մէկ մասը)։
Ան կուսակրօն կղերական ըլլալէ անդին, համալսարանի դասախօս էր, հայագէտ եւ գրաբարի մասնագէտ էր, երաժշտութեան, ծիսագիտութեան մէջ հմուտ էր, խմբագիր եւ ժողովրդապետ էր: Ժամանակ սդեղծեց մօտէն ուշի-ուշով հետեւելու պատանեկան միութեան եւ անդամներուն։ Մօտէն կը ճանչնար բոլորը, ծնողները: Գրեց միութեան երգերը պարզ, հասկնալի: Այդ երգերը մինչեւ այսօր կ՚երգեն, անոնք, որոնք պատանիներ էին, են ու պիտի ըլլան։
Եւ վերջապէս Մասիս թերթը՝ անոր կեանքի ամէնէն կարեւոր մասնիկը։ Պէտք է ամէն ամիս լոյս տեսնէր, յօդուածներ, սրբագրութիւններ ու նիւթական դժուարութիւններ։ Ան կը յաղթահարէր այս բոլորը՝ համբերութեամբ ու մեծ թիւով բարեկամներու օգնութեամբ։
Այդ տարիներուն թերթ, ամսաթերթ, պարբերաթերթ, հայերէն գիրք կարդացողներուն թիւը մեծ էր։ Մասիս կարդացողները մեծ թիւ կը կազմէին։ Սիրողներուն կողքին, չսիրողներու բանակ մըն ալ կար նաեւ։ Քառակուսի մարդիկ, որոնք օտար միտք չէին հանդուրժեր: Երբ վարդապետի գրութիւնները մատը վէրքին կը դնէին, անոնք կ՚ընդվզէին ու բողոքելով օրուան մեծաւորներուն, կը փորձէին արծիւին թեւերը կտրելով զայն դարձնել հաւ։ Ազդարարութիւններ, սպառնալիքներ, մարմնական վնասներ, ասոնցմէ ոչ մէկը կասեցուց խմբագիր վարդապետը։
Տարիները կ՚անցնէին ու ինծի համար հայր Անդրանիկ կը մնար օրինակելի անկաշար արդար հայը։
Սակայն տարիներուն հետ, տարիքը իր խօսքը ունի նաեւ ըսելու, որ վերջը կը մօտենայ՝ բոլորս օր մը պիտի՛ երթանք։
Կ՚իմանամ թանկագին տիկին Գալուստէն, որ հայր Անդրանիկ Կռանեան Ժէթաուի հիւանդանոցն է, վատ վիճակի մէջ է։ Առաւօտ կանուխ կ՚երթամ զինք տեսնելու, սիրտս կը մղէ զիս անպայման ծերունազարդ երիտասարդ վարդապետիս այցելել։
Կը մտնեմ իր սենեակը, ան երկնցած է անկողինին վրայ, յոգնած, բայց զիս տեսնելուն պէս կը ժպտայ իր լայն ժպիտով, հիւանդապահուհիին կ'ըսէ. « Բժիշկ է, բժիշկ»։ Ուրախ է զիս տեսնելով եւ հպարտ, որ այդ մանուկ ԴՎՈՄ-ականը բժիշկ է եւ տնօրէն՝ Նարեկի Տիրամօր դարմանատան։ Իր կերտած պատանիները դպրոցներու տնօրէններ, ճարտարապետներ, համալսարանական տարբեր մասնագիտութիւններ ձեռք բերած, ոմանք դարձած են արհեստաւորներ, իրենց ուրոյն գործը ունին։ Մեծամասնութիւնը ընտանիք կազմած, հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակներ կերտած եւ բոլորը, բոլորը մինչեւ այսօր կը սիրեն, կը յարգեն, ու կը յիշեն իրենց հոգեւոր վարիչը։
Յոգնած է ան, բայց աչքերուն փայլքը նոյնն է, կրակ կայ մէջը։ Կարծես ըլլար այն երեխան, որ Զմմառու վանքին մէջ կը վազվզէր ու կ՚ուսանէր։ Կը նստիմ իր հրաշք հոգեւոր վարիչիս քովը։
Կը զրուցենք երկար, ամէն ինչի մասին, կարծես 1980-ականներ վերադարձած ենք, ու նոր օրակարգեր կը կազմենք, ժողովի ընելիքներու, բանակումի կարգադրութիւնները կը վերանայինք, պզտիկներու տարազները խարուկահանդէսի օրը...կարծես Մասիսի յօդուածի համար կը բողոքեմ, ըսելով՝ բայց վարդապետ...ու ան կը պատասխանէ՝ տղաս ես վարդապետս սրբազան պատերազմի առաջարկդ սխալ կը տեսնեմ, տղաս լսէ՛....
Կը խօսինք ներքին քաղաքականութեան մասին, կը բողոքեմ, կը ժպտայ։ Հայասատան կատարուող իրադարձութիւններուն մասին նոյնպէս կը բողոքեմ ու դարձեալ կը ժպտայ։
Կը բողոքեմ ըսելով, որ նեխած են, չարաշահող ու ժողովուրդին արիւնը ծծող, կը պատասխանէ. «Գիտեմ»։
Ու վերջապէս ժամ մը անցած է եւ կու տամ վերջին հարցում մը. «Վարդապետ ինչո՞ւ քեզի հաւատարիմ մնացող զաւակներդ այսօր երեւելիներ չեն գաղութի մակարդակով եւ քաղաքական առումով։ Ինչո՞ւ ՀԿՄ-ի կառոյցը մեզ խաբեց ու միւս կազմակերպութիւններուն նման մեր մէջ իշխանութեան հասնելու մարմաջը չզարգացուց, որ կը պարուրէ այսօր մեր այսօրուան գաղութի ջոջերը»։
Պատասխանեց.« Դուք մաքուր մնացիք»:
Ի՞նչ կրնայի պատասխանել, թերեւս այդ է իրականութիւնը։
Ուրկէ կը գտնէր այդպիսի պատասխաններ։
Պէտք է հրաժեշտ տայի արդէն ու սիրտս տակաւին անհանգիստ էր։ Բժշկական առումով հայր Անդրանիկի առողջական վիճակը լաւ չէր։
Ուստի կը մօտենամ, ձեռքը ամուր կը սեղմեմ, աջը կը համբուրեմ, օրհնութիւնը կը հայցեմ ու դուրս կու գամ սենեակէն։
Գոյժը յաջորդ օրը կը տարածուի եւ հողին կը յանձնուի անոր մարմինը մայրավանքին մէջ։
Հայր Անդրանիկ իր բոլոր ճանչցողներուն ուղղակի եւ անուղղակի, սիրով կամ ատելութեամբ տոգորուածներուն ձգեց իր բարի գործը.
Իր վանական եղբայրները,
Իր աշակերտները,
Իր Հայկազեանի գրաբարի ամբիոնը,
Իր Յիսուսեան համալսարանի դասախօսութիւնները,
Իր պատրաստած գործնական բառարանը,
Երաժշտական գրութիւնները,
Ծիսական ուսումնասիրութիւնները,
Թատերական փորձերը,
«Երիտասարդ հայ»-ի յեղափոխական մտածողները,
Մասիսի իր առաջին խմբագրած թիւերէն մինչեւ վերջին հրատարակած գիրքերը,
80+1, 80+2 աշտախատանքները յորդորները,
Պատանի երեխայ երիտասարդները,
Դպրոցի տնօրէնները,
Դարմանատան մը պատասխանատուն,
Ընտանիք կազմած պատանիները,
Քրիստոնեավայել ապրողները,
Ազգային շունչով ներշնչուածները:
Կը խօսին, յիշատակը կը վերակենդանացնեն, կը հաւաքուին, կը մեծարեն, կ՚երգեն մանկութեան երգերը, կ՚ընթերցեն Մասիսի հին թիւերէն հատուածներ եւ վարդապետը կը վերապրի իրենց մէջ։
Փա՛ռք սերունդ կերտած վարդապետին, որ մնաց սովորական հովիւ մը եւ արժանացաւ վարդապետական գաւազանին։
Ան դպրոց մըն էր իր էութեամբ, որ կը շարունակուի զինք յիշողներուն ընդմէջէն։
Չարժանացաւ եպիսկոպոսական կոչումին, բայց գործը մեծ էր ու աւելի քան շատ մը իրմէ բարձրաստիճաններէն, որոնք հազիւ կը յիշենք, եւ ամէնուր սփռուած աշխարհի ամէն անկիւն իր մասին կրնան խօսիլ։
Երկու տող ալ որպէս վերջաբան աւելցնեմ, քանի նիւթը լիարժէք չ՚ըլլար եթէ չգրեմ։ Զինք հալածող ներքին եւ արտաքին նախանձ, նենգ եւ սեւ սիրտ բանակին, որ 80-ականներէն գոյութիւն ունէր իմ օրերուս, բարձրաձայն կը հարցնեմ, ո՞ւր էք դուք, որքանո՞վ իրաւացի էիք, ի՞նչ շահեցաք ձեր տարած աշխատանքներէն եւ ընդհանրապէս ո՞վ պիտի յիշէ ձեզ։
Կոստան